Մեր Սէրն Ու Հնազանդութիւնը

Յովհ. 14:21-23
Ամէն բանէ աւելի Ճշմարիտ Քրիստոնեան ի՞նչ կը փափաքի։ Ահաւասիկ լուրջ եւ կենսական հարցում մը։ Քրիստոնեան ամէն բանէ աւելի կը փափաքի Տէր Յիսուսի անձնական յայտնութեան։ Մնացեալ օրհնութիւնները երկրորդական են։
  Որպէսզի պարզաբանուի՛ փորձենք հարցնել երեք հարցումներ եւ պատասխանել անոնց։ Ներկայիս մեր Փրկիչը Ինքզինք ինչպէ՞ս կը յայտնէ։ Որո՞նք են նման յայտնութեան ազդեցութիւնները եւ ի՞նչ են պայմանները որոնք ես ունենալու եմ։

  Ա. Տէր Յիսուս Ներկայիս Ինքզինք Ինչպէ՞ս Կը Յայտնէ.-
  Անհրաժեշտ է ըսել Ան ինքզինք կը յայտնէ ոչ հաւաքական կերպով։ Այլեւս չկայ «Բանը մարմին եղաւ ու մեր մէջ բնակեցաւ»-ը։ Այլեւս չըսէր, ինչ որ Թովմասի ըսաւ, «Մատդ հոս բեր ու նայէ իմ ձեռքերս, ու բեր քու ձեռքդ եւ իմ կողս խոթէ...» (Յովհ. 20:27): Այլեւս Ան չի տեսնուիր մեր մարմնաւոր աչքերուն, նման խոստում չկայ, «Կենաց Բանին վրայով որ սկիզբէն էր, որու համար լսեցինք, զոր մեր աչքերովը տեսանք, որու նայեցանք ու մեր ձեռքերը շօշափեցին» Ա. Յովհ. 1:1: Ոչ ալ Իր խոստումն է տեսիլքներով յայտնուիլ։ Անշուշտ կը յիշենք Յակոբի ունեցած տեսիլքը Բեթէլի մէջ, սանդուխ մը դրուած էր երկրի վրայ, որուն գագաթը երկինք կը հասնէր եւ որուն վրայ Աստուծոյ հրեշտակները կ՚ելլէին ու կիջնէին, (Ծննդ. 28:12):
  Տէրը չէ խոստացած տեսիլքով ու երազով գալու Իր ժողովուրդին։ Գիտակցութիւնն է որ Փրկիչը մօտ է Իր սիրով։ Հոգիին զօրութեամբ Իր խօսքը այնքան կը փայլեցնէ, որ մինչ կը կարդանք այնպէս կը թուի, Ինքզինք մօտ կը բերէ։ Ամբողջ Իր կենսագրութիւնը ներս կը թափանցէ, որպէս թանկագին իրականութիւն։ Կը տեսնենք Իրեն ու կը լսենք Իր Խօսքերը։ Շնորհիւ գրուած Խօսքին, մարմին առած Բանը Ինքզինք սրտին կը յայտնէ։

Բ. Որոնք են Անոր յայտնուելուն ազդեցութիւնները հոգիին վրայ .-
   Գլխաւորը, Ինք մեզի օրհնութիւն է ու փառաւոր իրականութիւն։ Անձ մը որ նման փորձառութիւն ունեցած է։ Յոբի հետ կրնայ ըսել «Ես  քու մասիդ ականջով լսեր էի, բայց հիմա աչքս կը տեսնէ քեզ» (Յոբ 42:5)։ Այսպիսի անձ մը կը հասկնայ ու կը վայելէ Իր անձին գերազանց գեղեցկութիւնն ու փառքը եւ կը հռչակէ, «Դուն մարդոց որդիներէն աւելի գեղեցիկ ես, Քու շրթունքներուդ վրայ շնորհք թափուած է, անոր համար Աստուած քեզ օրհնեց յաւիտեան» (Սաղմ. 45:2)։ Կրկին, նման Քրիստոսի յայտնութիւնը հոգիին կը վստահեցնէ մեզի Իր պարգեւը։ Եւ հիմա կը լսենք Իրեն որ կ՚ըսէ, «Ինչպէս Հայրը զիս սիրեց, նոյնպէս ես ձեզ սիրեցի», ու ներկայիս կրնամ պատասխանել «Իմ սիրականս իմս է, ու ես անորն եմ» (Երգ Երգոց 2:10):
  Տարբեր յայտնութիւն մը Յիսուս Քրիսոտսի մեզի կը պարգեւէ հանգիստ ու յենարան փորձութիւններու մէջ, առանձնութեան ժամանակ, որոնցմէ Յիսուս ալ տառապեցաւ։ Այս բոլոր փորձութիւններուն մէջ ոչ մէկ բան կրնայ պահել մեզ ի բացառեալ Իր ներկայութեան գթառատութիւնը։ Նման երբ Աստուծոյ Որդին յայտնուեցաւ երեք հաւատարիմ Հրեաներու կրակէ հնոցին մէջ (Դան. 3:25), նոյնպէս, Ան կը յայտնուի անոնց որոնք փորձութեան եւ շուարումի մէջ են։

Գ. Ի՞նչ Պայմաններու Ընթացքին Տէր Յիսուս կը մօտենայ մեզի.-
  Որոշապէս ամէն Քրիստոնեայ մտահոգ է ապահովելու այս բարձրացնող օրհնեալ փորձառութիւնը։ Հիմա լսենք Յիսուսի խօսքերը։ Ան որ իմ պատուիրաններս ունի եւ կը պահէ ան է որ զիս կը սիրէ եւ զիս սիրողը պիտի սիրուի իմ Հօրմէս եւ ես պիտի սիրեմ անոր ու ինքզինքս անոր պիսի յայտնեմ։ Այն հաւատքով որ փրկուած ենք չուրանար հաւատարիմ ու հնազանդ քալուածքին անհրաժեշտութիւնը։ Հաւատքը այն արմատն է եւ հնազանդութիւնը գեղեցիկ ծաղիկն ու պտուղն է։ Եւ միայն երբ հաւատքը կու տայ հնազանդութիւն, հնազանդութիւն մը որ չի սայթաքիր զոհողութիւններու առջեւ, չի դանդաղիր դժուարին ու մութ պարագաներուն մէջ, այլ ուրախութեամբ ամօթի խաչը կը կրէ, միայն այն ատեն Աւետարանի բարձրագոյն խոստումը կը կատարուի։ Երբ Յիսուսի հանդէպ մեր սէրը կը մղէ Իր խօսքը պահելու։
  «Ոչ թէ իմ կամքս, այլ Քուկդ ըլլայ», այն ժամանակ կ՚ըսենք ցտեսութիւն կասկածին ու խաւարին, առանձնութեան ու ցաւին։ Ահա այն ատեն պիտի քալենք որպէս թէ կը տեսնենք Իրեն, Անոր որ անտեսանալի է։
  Այս Յիսուսի Քրիստոսի յայտնութիւնը եղած է ու կ՚ըլլայ անոր որ իսկապէս կը սիրէ Իրեն եւ այդ սիրոյ ապացոյցը զգացումներով չէ, հապա ենթարկուելով Իր կամքին։ Հսկայական տարբերութիւն կայ ձեւականին ու գործնականին միջեւ։
  «Ան որ Զիս կը սիրէ, պիտի սիրուի Իմ Հօրմէս»։ Երեք տարբեր կերպեր կան որոնցմով Քրիստոնեաներ կրնան նկատուիլ որպէս սիրոյ առարկայ Հօրը եւ Որդիին կողմէ։
  Որպէս ընտրուած անձեր յաւիտենական շնորհքի միջոցով, որպէս անձեր իրապէս հաւատքով Քրիստոսի միացած եւ որպէս կերպարանափոխուած Սուրբ Հոգիին սրբագործութիւնովը։
  Հայրը գոհացած է Իր մարդացող Որդիով, եւ մեզմով գոհացած է երբ կը պատուենք ու փառաբանենք Իր Որդին պատուիրաններուն հնազանդելով։
  Ամէն Քրիստոնեայի մէջ երկու ճշմարտութիւններ կան, սրտին մէջ փափաք կայ, Աստուծոյ հաճեցնելու ցանկութիւն կայ եւ քալելու Իր Խօսքին համեմատ։ Այս ոյժն ու փափաքը կրնայ տարբերուիլ մէկ հաւատացեալէն միւսը։ Երկրորդ ոչ մէկ Քրիստոնեայ ամբողջութեամբ կը գիտակցի այս փափաքին։ Ամէն Քրիստոնեայ Պօղոս Առաքեալի հետ պէտք է ըսէ, «Ոչ թէ ես արդէն առեր եմ, կամ արդէն կատարեալ եղեր եմ, հապա ետեւէ ինկած եմ որ բռնեմ մրցանակը, որու համար ալ բռնուեցայ Քրիստոս Յիսուսէ» (Փիլ.3:12):
  Աստուած սրտին կը նայի, մինչ մենք շարունակաբար արտաքինին կը նայինք։ Երբ մանրամասնութեամբ կը քննենք մեր արարքները, եթէ անկեղծ ենք, պէտք է ընդունինք որ մենք «Իր խօսքը պահած ենք» շատ անկատար կերպով։ Մեզի կը թուի թէ իրաւունք չունինք ըսելու «պահած ենք»։ Բայց Տէր Յիսուս գործերուն ետին կը նայի եւ գիտէ մեր մէջ եղած փափաքն ու կարօտը։
  Տէր Յիսուս երրորդ անգամ հարցուց «Զիս կը սիրե՞ս», Պետրոս պատասխանեց, «Տէր, դուն ամէն բան գիտես, դուն գիտես որ ես քեզ կը սիրեմ» (Յովհ. 21:17):  Մէկ կողմէ լուրջ եւ ինքնաքննող ճշմարտութիւն է յիշել թէ ես ոչ մէկ բան կրնամ պահել Իրմէ, որուն առջեւ ամէն բան բաց է ու յստակ, միւս կողմէ, ամենէն հանգստացնողը գիտակցիլ թէ Ան իմ սիրտս կը տեսնէ, բան մը որ իմ կերպերով չեմ կրնար յայտնաբերել։ Ուր որ Տէր Յիսուսի հանդէպ սէր կայ, անպայման կը գտնուի դառն վիշտ (Պետրոսի պարագան), երբ կը գիտակցինք որ վշտացուցած ենք Իրեն։ Քիչ մը անդին երթալով, մեր մեղքերուն համար անկեղծ խոստովանութիւն պիտի ըլլար։ Օրհնութիւն է գիտնալ թէ Ան որ ճշմարտութիւնն է, պարզօրէն կը յայտարարէ, «Եթէ մէկը Զիս կը սիրէ, Իմ Խօսքս կը պահէ»։ (Յովհ. 14:24) «Ան որ զիս չսիրէր, Իմ Խօսքերս չպահէր», ահաւասիկ Յուդայի ուղղուած վերջին խօսքերը։ Հին օրերուն Աստուած ըսաւ, հայրերու անօրէնութիւնները երրորդ եւ չորրորդ սերունդներուն պիտի ըլլայ, սակայն հաւատարիմներու ողորմութիւն պիտի ցուցնէ, որոնք Իրեն սիրեցին ու Իր պատուիրանները պահեցին (Ելից 20:6): Իսկ Ղուկ. 11:23-ը կ՚ըսէ «Բոլոր անոնք որոնք Տէր Յիսուսի հետ չեն, Իրեն դէմ են»։
  Ուրեմն չսիրողը, Անոր ըսածները չպահէր։ Հաւատացեալը Աստուծոյ բոլոր Խօսքերը կը պահէ։ Անհատ մը թերեւս կրնայ Յիսուսի որոշ խօսքերը պահել, որովհետեւ անոնք իր տրամաբանութեան հետ հաշտ են, բայց շատ մը բաներ անգործնական կը տեսնէ։  
  Սէր եւ հնազանդութիւն միասին կ՚ընթանան, երբ կը սիրենք, իրապէս կը սիրենք եւ որոշապէս կը հնազանդինք։
© 2026 by Dikran Shanlian, Published in «Բարի Լուր» Տարի 34,  Թիւ 261

Rev. Dikran Shanlian is the senior pastor of Armenian Evangelical Brethren Church (Glendale, CA).  
Posted in ,

No Comments


Recent

Archive

Categories

Tags