Ետեւ Նայելով, Յառաջ Երթալով

Ակնարկ Մը...180 Ամեակի Առթիւ
Շատ երկար տարիներ թաւալած չեն եկեղեցւոյ ծնունդէն՝ 1846-էն մինչեւ այսօր՝ 2026-ը։  Ուստի հարկ է հպանցիկ նայուածք մը պտտցնել Շարժումէն մինչեւ այսօր։ Կ՚արշաւե՞նք հաստատ քայլերով, թէ ոչ գոյապահպանման տխուր վիճակներուն մէջ կը գտնուինք, տենդալից կը սուրա՞նք դէպի փայլուն ապագան թէ ոչ նահանջի մէջ ենք։ Ո՞ւր էինք եւ ներկայիս ո՞ւր կը կենանք։
  Աւետարանական շարժումը եւ շուտով Աւետարանական Եկեղեցին սկսաւ ծիլարձակուիլ իր սաղմնային վիճակով Մայր Եկեղեցւոյ ծոցին մէջ (Առաքելական Եկեղեցի) եւ Մայր Եկեղեցւոյ կղերականներով, նպատակ ունենալով բարեկարգել եկեղեցին եւ զօրացնել անոր հոգեւոր բազկերակը։ Եկեղեցական իշխանութիւններու եւ ամիրաներու կողմէ բացորոշ ժխտական կարծր կեցուածքը, բերաւ բանադրանքի։ Այսինքն այս խմորումներով եղողներու կ՚արգիլուէր կրօնական արարողութիւններու ծառայութենէն (Մկրտութիւն, Պսակ եւ Յուղարկաւորութիւն)։ Այս պարագան ստիպեց հիմադիրները որ ունենան Աւետարանական եկեղեցի։
  1828-ին Պոլսոյ մէջ բացուեցաւ պատրիարքարանի ընծայարանը, առաջնորդութեամբ Գրիգոր Փէշտիմալճեանի. Անոր շունչին տակ ուսանողներ բարեկարգութեան կարիքը եւ Աստուածաշունչի սերտողութեան կարեւորութիւնը շեշտեցին։ Պետրոս Վրդ. Ճիզմէճեան, Վրթանէս քահանայ Գրիգորեան, Յարութիւն քահանայ Պաղտասարեան եւ ուրիշներ կ՚աշխատին Աստուածաշունչի սերտողութիւնը շեշտել  ու Աւետարանի սկզբունքները տարածել։ Այս երեւոյթը դրական արձականգ չունեցաւ Մայր եկեղեցւոյ մօտ։
  Աւետարանական կը նշանակէ հիմնուած Նոր Կտակարանի սկզբունքներուն վրայ, եւ Հայաստանեաց իբր տեղական եկեղեցի։ Թէեւ ըլլալով Տիեզերական եկեղեցիին մէկ մասնիկը, կոչուած է ծառայելու յատուկ ժողովուրդի մը, եւ անոր միջոցով՝ աշխարհի։
  Հետաքրքրականօրէն Հայաստանեաց Աւետարանական Եկեղեցիին կազմաւորումի պատմութիւնը ունի որոշ նմանութիւններ առաջին դարու եկեղեցիին։ Յիսուսի աշակերտները եկեղեցի կազմելու համար չէ որ կը հաւաքուէին վերնատան մէջ, այլ անոնք յարուցեալ Տէրը կը յիշէին, հաց կը կտրէին, կ՚աղօթէին եւ փառք կու տային Աստուծոյ։ Նոյնն էր Աւետարանական շարժումի-եկեղեցիի հիմնադիրներուն տեսլականը։
  Պէտք է յիշել ու շեշտել թէ առողջ եկեղեցին կազմողը Աստուծոյ Սուրբ Հոգին է եւ ոչ թէ անձեր։
  Արդէն կանուխէն Օսմանեան Կայսրութեան գլխաւոր քաղաքներուն մէջ կազմուեցան տեղական ինքնաբաւ եկեղեցիներ, առանց կորսնցնելու իրենց մէկութեան գաղափարը եւ երախտագիտական զգացումը՝ հանդէպ Առաքելական Եկեղեցիին, Պոլիս։
  Աւետարանական կը նշանակէ անհատական եւ եկեղեցական կեանքի մէջ Աւետարանի հեղինակութիւնը գերադասել նուիրապետական ամէն տեսակ հեղինակութենէ։ Եթէ պրպտելու ըլլանք Աւետարանականութիւնը՝ շատ հին է մեր ազգի պատմութեան մէջ։ Շատ աւելի հին քան 16րդ դարու Բարեկարգչական շարժումը Եւրոպայի մէջ։ Նոյնիսկ պատմութիւնը սերտելով կրնանք անվարան ըսել թէ այդ Բարեկարգչական շարժման տուն տուող պատճառները Հայրենիքէն աքսորուած ու հեռացած, բարեկարգեալ խմորումներով թրթուած հայերն էին որոնք այդ մտքերը հասցուցին Եւրոպա։ Պէտք է յիշել Պաւղիկանները 7-9րդ դարերուն, Թոնտրակեանները 9-10 դարերուն։
  Աւետարանականներ Պոլսոյ մէջ եւ ապա գաւառներու մէջ սկսան միատեղ գալ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու։ Բախումը «Աւետարանական» մտքին եւ կրօնական իշխանութիւններու միջեւ ուժգին եղաւ եւ ստիպուած 1846-ին Աւետարանական Եկեղեցին գոյութիւն ստացաւ որպէս անկախ մարմին մը։
  Սակայն Եկեղեցիէն (Մայր) դուրս մնալով, Աւետարանականութեան բարեկարգչական դերը զգալի եղած է ազգային ընդհանուր կեանքին մէջ։ Որոշապէս կրթական մարզէն ներս։ Կրթական բարեկարգութեան ստոյգ սատարած են Աւետարանական դպրոցները, նամանաւանդ իգական սեռի դաստիարակման մէջ։
  Աւետարանական եկեղեցին նաեւ իր մեծագոյն դերը կատարեց նկարագրի մասնայատուկ տիպար մը ստեղծելով։ Աւետարանի կնիքը կրող մարդիկ ազգին համար բարոյական անգին հարստութիւն մը եղան։
  Այսօր եթէ Առաքելական Եկեղեցին քարոզութիւն ունի, Աստուածաշունչի սերտողութեան խումբեր, Կիրակնօրեայ դպրոց եւ աղօթաժողովներ, բոլորն ալ շնորհիւ Աւետարական եկեղեցիին եղած են։ Պէտք չէ մոռնալ նաեւ աշխարհաբար լեզուի կանոնաւորումը եւ գլխաւորապէս Աստուածաշունչի աշխարհաբար թարգմանութիւնը։
  Հայաստանեաց Աւետարանական Եկեղեցին իր գոյութեան երկու անյողդողդ հիմեր ունի։ Աւետարանի անանձնական, վեհապետական հեղինակութիւնը եւ անհատական կենցաղի կաղապար մը, որ համաձայն է Աւետարանի ուսուցումի տառին եւ ոգիին։ Եթէ այս հիմերը քանդուին, այս եկեղեցին (Աւետարանական) կը տապալի։
  Հայաստանեաց Աւետարանական Եկեղեցին ինքն իրեն համար նպատակ մը չէ։ Անոր նպատակն է Յիսուս Քրիստոսի վերջին պատուէրին գործադրութիւնը, Աւետարանի եւ անոր փրկութեան պատգամին հռչակումը։ Արդեօ՞ք այդ այսօր կ՚իրականացուի։
  Աստուծոյ փառք կու տանք Իր անհուն շնորհքին համար եւ Հայաստանեաց Աւետարանական Եկեղեցիին կը մաղթենք երկրորդ 180-ամեակ մը, մինչ Տէր Յիսուս կ՚ուշացնէ Իր գալու խոստումը։
  Շարժումը եկեղեցի եղաւ...եւ այսօր եկեղեցին շարժում ըլլալու է։

Posted in

No Comments


Recent

Archive

Categories

Tags