June 26th, 2026
by Dikran Shanlian
by Dikran Shanlian
Քանի մը տարիներ առաջ, մարզիկ մը՝ Դիմ Դիպո (Tim Tebow) անունով հոգեւոր անձնաւորութիւն մը, Ամերիկեան կառավարութեան տարբեր յանձնախումբերու առջեւ կը խօսէր: Ան աշխարհի մանուկներու եւ պատանիներու վիճակը ներկայացուց, որոնք սեռային բռնաբարումներու կ'ենթարկուին, եւ կոչ ուղղեց որ իրեն միանալով գործնականապէս ազատեն 50 հազարէ աւելի թանկագին հոգիներ, որոնք զզուելի, կեղեքող, չարաշահող անասնաբարոյ ճիրաններու մէջ են եւ այսօր բարեսիրական կազմակերպութիւն մը կայ իր անունով:
Որո՞նք են հերոսները: Անոնք զինուորական կամ քաղաքական առաջնորդներ չեն, ոչ ալ մարզիկներ: Շատերու միայն անունները ու ծննդավայրը գիտենք: Այս հերոսները հրապարակներու վրայ կենալով յայտարարեցին, «Ձեր մեղքերը Արարիչին հիւանդացուցին»: Նաեւ կենդանի պատկերներով խօսեցան, կաւէ ամանը կտրելով, սուրով ածիլուելով, ամուսնանալով հարցական կնոջ մը հետ եւ մնալով մութ ու անջրդի հորերու մէջ:
Նոյնիսկ մէկ օրուայ մէջ արուեստական հերոսներ կը շինուին թէ աշխարհային եւ թէ եկեղեցական կեանքին մէջ:
Այսօր եկեղեցին իր բաժինէն աւելի շինծու հերոսներ ունի: Սակայն խոստովանելու ենք, նաեւ որ ունի ճշմարիտ հերոսներ, որոնք կը ծառայեն Աստուծոյ եւ Իր ժողովուրդին քաջութեամբ եւ խոնարհութեամբ: Աստուած գիտէ որոնք են անոնք եւ այս է կարեւորը: Աննշան միլիոնաւոր հերոսներու մասին չենք գիտեր ու պիտի չգիտնանք մինչեւ մեր երկինք հասնիլը:
Այո՛, այսօր հերոսներ կ'ուզուին, հերոսներ որոնք իրենց անձերը կ'ուրանան, Աստուածաշունչով թրծուած երկունքի ցաւ կը քաշեն Բարձրեալին կամքը անձնականացնելով ու ապրելով տեսանելի աշխարհի մը մէջ՝ ոչ տեսանելի կերպով: Մինչ Հին Կտակարանի գիրքերուն կը նայինք, յատկապէս մարգարէական գիրքերուն, արդեօ՞ք ինչ կրնանք հասկնալ ու եզրակացնել Աստուծոյ հերոսներուն մասին: Որո՞նք են Աստուծոյ հերոսները:
Ա. Անոնք յատկանշական կ'ըլլան տարբեր չափերով եւ կերպարներով.-
Եզրաս դաստիարակուած քահանայ մըն էր, ան Աստուծոյ Օրէնքը գիտէր եւ կրնար սորվեցնել: Անգեայ հակառակ տարեց մարդ մը ըլլալուն, սորվեցուց երիտասարդի նման: Իսկ Զաքարիա երիտասարդ էր որուն վրայ Աստուած մարգարէութեան ծանր բեռը դրաւ: Զօրաբաբէլ իր երակներուն մէջ արքայական արիւն ունէր, սակայն ան կամօրէն ծառայեց որպէս կառավարիչ: Յեսու քահանապետը ապրեցաւ ժողովուրդին մէջ եւ փորձեց քաջալերել զանոնք: Շատեր որոնք աշխատեցան նուիրուած այրեր ու կիներ էին, թէեւ Աստուածաշունչը անոնց անունները չի թուէր, բայց Աստուծոյ կողմէ ճանչցուած են: Անոնք օրական բեռներ կրեցին, հաւատարմօրէն իրենց բաժինը կատարեցին: Անոնք շինողներ էին եւ ոչ քանդողներ:
Պէտք է ըսել թէ ոչ բոլոր Աստուծոյ հերոսները «Առաջնորդներ» են: Շատեր հնազանդ հետեւորդներ են: Ներկայիս կարեւորը, Եզրասի նման Աստուծոյ բարի ձեռքը մեր վրայ ունինք, եւ նման Յեսուի եւ Զօրաբաբէլի կ'ունենանք Աստուծոյ Հոգւոյն իւղը որ կը զօրացնէ մեզ:
Բ. Անոնք կը տեսնեն առիթները եւ չեն անտեսեր դժուարութիւնները.-
Հազարաւոր Հրեաններ, որոնք Յուդա վերադարձան տաճարը շինելու, գիտէին որ Երուսաղէմի մէջ կեանքը դիւրին պիտի չըլլայ ինչպէս որ Բաբելոնի մէջ էր, սակայն անոնք գիտցան թէ գործ մը կայ կատարուելիք: Եզրաս կրնար Բաբելոն մնալ եւ հաստատել Աստուածաշունչի յաջող դպրոց մը, բայց ընտրեց ըլլալ առաջնորդ ռահվիրայ՝ քան թէ տեղաւորուող գաղթական մը:
Արդեօք ան գիտէ՞ր դիմագրաւելիք արգելքներն ու դժուարութիւնները: Անշուշտ գիտէր, սակայն ան նախընտրեց օգտագործել առիթները: Յաճախ կը մոռնանք թէ այն տեսիլքն էր որ մղեց «Հաւատքի Հերոսներ» պատնէշի վրայ մնան, եւ Աստուծոյ կամքը կատարեն: Աբրահամ Աստուծոյ քաղաքը տեսաւ հետեւաբար չփորձուեցաւ Եգիպտոսէն կամ Սոդոմէն, ինչպէս Ղովտ փորձուեցաւ: Մովսէս Անտեսանելին տեսաւ, հետեւաբար մերժեց Եգիպտոսի թէ' գանձերը եւ թէ' հաճոյքները ու Աստուծոյ տառապող ժողովուրդին հետ ճանչցուեցաւ:
Աստուծոյ հերոսները Աստուծմով հրապուրուած են: Տեսիլք չկայ որովհետեւ մարդիկ ետեւ կը նային փոխանակ յառաջ նայելու:
Գ. Անոնք գիտեն գործակցիլ.-
Թէեւ իրողութիւն է որ հերոսները երբեմն անձնակեդրոն են եւ նոյնիսկ տարօրինակ, բայց գիտեն որ գործը առանձին չեն կրնար ընել: Մեկուսացած ծառայութիւնը դատապարտուած է վերջացած ծառայութիւն ըլլալու, որովհետեւ Աստուծոյ ժողուվուրդը իրարու կը պատկանին:
Պօղոս Առաքեալ թերեւս ամենամեծ միսիոնար աստուածաբանն էր, սակայն չփորձեց մեկուսացած, առանձին Տէրոջը ծառայել: Իր կողքին կային անհատներ՝ ինչպէս Ղուկաս, Տիմոթէոս, Բառնաբաս, Տիտոս եւ ուրիշներ, ներառեալ 26 յաւելեալ անձերու որոնք յիշուած են Հոովմայեցիս 16-ի մէջ:
Եզրաս փայլուն գրագիր էր եւ օրէնքի ուսուցիչ, ասով հանդերձ պատրաստակամ էր գործելու մարդոց հետ, որոնք նման փորձառութիւն չէին ունեցած: Զաքարիա երիտասարդ էր, ծնած Բաբելոնի մէջ: Հակառակ ասոր երկուքը միասին ծառայեցին:
Աստուծոյ հերոսները տարիքի, ուսումի, եւ փորձառութենէ անդին կ'անցնին:
Դ. Անոնք հակառակութիւն կ'ակնկալեն, բայց Աստուծոյ օգնութեան կը վստահին.-
Պօղոս առաքեալ գրեց Կորնթոսի մէջ եղողներուն (Ա. Կորնթ. 16:8-9) : Թերեւս կ'ակնկալենք որ ըսէ թէ Եփեսոս պիտի մնայ, որովհետեւ հակառակութիւններ չկային եւ ամէն բան լաւ կ'ընթանար, սակայն բոլորովին հակառակն էր: Առիթները միշտ ալ հակառակութիւններ կը բերեն, բայց զարմանալիօրէն հակառակութիւնները կերպով մը հաւելեալ առիթներ կը ստեղծեն:
Աստուծոյ հերոսները չեն հեռանար իրենց առաքելութիւններէն որովհետեւ հակառակութիւն կայ: Ահա այս է տարբերութիւնը ճշմարիտ հովիւին եւ վարձկանին (Յովհ. 10:1-5): Հովիւը հոն է ոչխարներուն համար՝ ոչ թէ ամսականի եւ յարգանքի: Նեղութեան ներկայութիւնը աւելի պարտաճանաչ ու գիտակից կ'ընէ զինք: Հովիւները կ'ակնկալեն գայլեր որոնք կը յարձակին սակայն անոնք կը պատրաստուին անոնց դէմ պայքարելու:
Առաջին դարու եկեղեցիի գլխաւոր մտահոգութիւնը իրենց հանգիստն ու ապահովութիւնը չէր, այլ ծառայութիւնը: Անոնք չ'աղօթեցին փախուստի համար, հապա կարողութեան համար (Գործք. 4:29): Ահա այսպէս Աստուծոյ հերոսները կ'աղօթեն լաւ օրինակ մը ըլլալու հետեւողներուն:
Ե. Անոնք համարձակութիւն ունին.-
Հոգ չէ թէ ինչ կարողութիւններ ու պարգեւներ ունինք Աստուծոյ շնորհքով, եթէ չունինք զանոնք գործածելու համարձակութիւնը, լաւ է որ երբեք չունենանք: Արդեօք փորձա՞ծ ես ինքնաշարժին ղեկը շարժել երբ չէզօքի վրայ է: Անկարելի է: Բանալին պէտք է գործածես, աշխատցնես շարժելէ, ճամբորդելէ առաջ: Շատ հաւատացեալներ կ'ապրին մինչ մեքենան չէզոքի վրայ է: Երբեմն երբեմն մեքենային կը նային իրենք զիրենք քաջալերելու համար, մոռնալով որ զօրութեան ձայնը նոյնը չէ երբ գործածութեան կը դրուի ինքնաշարժը:
Արթո'ւն եղիր: Ինչ բանի որ կը հաւատաս անոր վրայ հաստատ կայնիր, համարձա'կ եղիր, զօրաւո'ր եղիր: Ասոնք զգանչելի խօսքեր են հերոսներու համար: Բաւական չէ իմ հաւատալիքս գիտնալ ու անոր վրայ հսկել: Պէտք է իմ հաւատքս գործի դնեմ: Այդ համարձակութիւն կը պահանջէ:
Առած մը կ'ըսէ, «լաւ է օր մը ապրիլ որպէս առիւծ, քան թէ 100 տարի որպէս ոչխար»:
Բայց Աստուծոյ ժողովուրդը պէտք չէ ընտրէ խոնարհութեան եւ համարձակութեան միջեւ: Երկուքն ալ գործածենք եւ ըլլանք հետեւողական: Վերջ ի վերջոյ միթէ մեր Փրկիչը թէ առիւծ եւ թէ ոչխար չէ՞:
Բոլորը բարձր դիրքերու վրայ չեն կրնար ըլլալ Եզրասի, Յեսուի կամ Զօրաբաբէլի նման, սակայն ամէն դիրք կարեւոր տեղ մըն է Աստուծոյ ծրագրին մէջ, եթէ Իր կամքը կը կատարենք:
Աստուած մեզ կը հրաւիրէ որպէսզի հերոսներ ըլլանք աշխարհի մը մէջ որ անպայման հերոսներու պէտք ունի: Որոնք պատրաստ են զոհելու, ծառայելու եւ օր մը իրենց Տէրոջմէն «Ապրիս» ը լսելու:
Դուն պատրաս՞տ ես Տէրոջը համար հերոս մը կամ հերոսուհի մը ըլլալու :
© 2026 by Dikran Shanlian, Published in «Բարի Լուր» Տարի 34, Թիւ 259
Rev. Dikran Shanlian is the senior pastor of Armenian Evangelical Brethren Church (Glendale, CA).

Recent
Archive
2026
2025
2024
March
November
2023
2022
March
July
September
2021
2020
2019
January
February
November
2018
March
November
2017
September
December
2016
February
August
November

No Comments