Անձնուրացութեան Հրամայականը

«Եթէ մէկը Իմ ետեւէս կ'ուզէ գալ, թող իր անձը ուրանայ, խաչը վերցնէ ու Իմ ետեւէս գայ»: Մատթէոս 16:24
   Իտալացի զինուորական առաջնորդը՝ Կարիպալտի ըսաւ իր բանակին, «Զինուորներ, ես ձեզի պիտի տամ անօթութիւն, ծարաւ, ոչ վճառում, ոչ պատսպարան, յաճախակի յարձակումներ, բռնի ծառայութիւն, սուիններով կռիւ. անոնք որ կը սիրեն պատիւը եւ հայրենիքը՝ թող ինծի հետեւին»:Իտալացի կամաւորները ամիջապէս հետեւեցան իրենց հերոսին, յառաջացան դէպի խոստացեալ մահը, եւ հիմնեցին երիտասարդ Իտալիան: Յիսուս ալ նմանօրինակ յայտարարութիւն մը ըրաւ: «Ով որ չի թողուր ինծի համար իր հայրը, մայրը, քոյրը եւ եղբայրը, տունը եւ ագարակը, ով որ չուրանար իր անձը, եւ խաչը վերցնելով իմ ետեւէս չի գար, ինծի արժանի չէ»: Աշակերտները լրացուցին տրուած պայմանը, ապրեցան եւ քարոզեցին խաչին կեանքը ու աշխարհի պատմութեան մէջ սկսաւ նոր դարաշրջան մը:

  Ոչ մէկ բան այնքան յատկանշական էր Յիսուսին, քան Իր վարդապետութիւնը թէ անձնուրացութիւնը բացարձակ պայման է յաջողութեան, բան մը որ վաւերացուած է պատմութեան ընթացքին: Գիտութեան հսկաներ, կրօնքի առաջնորդներ, նուիրուած հայրենասէրներ բոլորն ալ այս ճամբայէն անցան: Այս փորձառութիւնը եղած է անձնական՝ Սոկրատին, Մովսէսին, Պօղոսին, Գրիգոր Լուսաւորիչին, Գոլոմպոսին, Լուտէրին եւ Լինքընին:

  Սակայն Յիսուս խաչը չի ներկայացուց իբր պատահական խոչնդոտ, այլ ապրելակերպ մը որդեգրելու՝ որ Հրեաներուն գայթակղութիւն պիտի ըլլար եւ Յոյներուն՝ յիմարութիւն: Առանց Իր խաչին Յիսուս նուազ սիրելի պիտի ըլլար, բայց որովհետեւ «Ինքզինք խոնարհեցուց» ամէն տեղ մարդեր անոր ետեւէն կ'երթային:

   Յիսուս Իր ապրելակերպը  օրէնքի մը վերածեց երբ ըսաւ, «Անձդ ուրանալով ինծի հետեւիր»: Մարդ փրկուելու համար պէտք էր իր անձը ուրանայ: Այս էր մեղքին դարմանը ըստ Անոր որ առանց մեղքի էր: Իր այս եզրակացութիւնը Յիսուս հիմնեց ոչ թէ հեղինակի մը վարդապետութեան վրայ, այլ պարզ եւ տիեզերական իրողութեան մը վրայ: Ամենալուրջ իրողութիւնը անհատի մը կեանքի մէջ այս է թէ իր մէջ երկուութիւն մը կայ: Պօղոս առաքեալ զայն կանուանէ մարմնի օրէնք եւ մտքի օրէնք, կամ արտաքին մարդ եւ ներքին մարդ: Եսը որ նախանձոտ է, բարկացող եւ հպարտ, եւ եսը որ համեստ է, խոնարհ ու համբերող: Բնականաբար ասոնցմէ մէկը կամ միւսը պիտի տիրէ, որմէ կախեալ է մարդուն նկարագիրը , ապրելակերպը եւ օգտակարութիւնը: Ասոր ամենէն պերճախօս ապացոյցը կը տեսնենք Առաքեալին կեանքին մէջ. երբ ան Դամասկոս կուղեւորուէր իր տխրահռչակ առաքելութեամբ, իրեն ուղղուած « ձայնը լսեց», եւ հոն ու այն ատեն Սաւուղը Պօղոսի փոխուեցաւ, եւ եղաւ ոչ միայն բոլորովին նոր մարդ մը, այլ նաեւ ամենացցուն բարեկարգիչը բովանդակ աշխարհի պատմութեան մէջ: Ո՞ւր էր իր զօրութեան աղբիւրը եւ ի՞նչ էր իր յաջողութեան գաղտնիքը:

  Բարեբախտաբար շատ մը կենսագրականներ թղթատելու պէտք չկայ գտնելու համար գլխաւոր ազդակները որոնք նպաստած ըլլային արտագրելու այս եզական անձնաւորութիւնը – մարդերուն մարդը: Ինք կարճ նախադասութիւնով մը մեզի կը յանձնէ բանալին: Ահաւասիկ - «Ինծի համար ապրիլը Քրիստոս է»: Կար ատեն մը երբ իրեն համար ապրիլը Սօղոս էր: Ակնարկ մը իր անցեալին վրայ բաւարար է: Բարեպաշտ ընտանիքի մը մէջ ծնած ու սնած, իր ժամանակուայ լաւագոյն գոլէճէն ընթացաւարտ, Պօղոս կարող ու կորովի երիտասարդ մըն էր: Փոխանակ իր կեանքը տաճարին մէջ անցնելու, րապպիի մը խաղաղ եւ համեստ պաշտօնով, ան իրեն համար կրօնա-քաղաքական ասպարէզ մը գտաւ-Քրիստոնեաները հալածելու գործը: Խոստմնալից փաստաբանի մը արժանի դեր մը պիտի ըլլար այդ, եւ հաւատաքննիչի մը մոլեռանդութեամբ սկսաւ գործել: Իր նպատակն էր Հրէական կրօնքին նախատինք եղող այդ նոր աղանդը արմատախիլ ընել, կամ անոր հետեւողները դուրս վտարել Պաղեստինի սահմաններէն: Զինուած քահանայապետին թուղթերով «սպառնալիք եւ մահ փչելով» Դամասկոս կ'երթար: Սակայն «Երբ քաղաքին մօտեցաւ, յանկարծ իր բոլորտիքը լոյս մը փայլատակեց». եւ այդ լոյսով ինքզինք տեսաւ: Հասկցաւ թէ որքան մեծ էր, եւ որքան պզտիկ: Այն ուսեալ, հմուտ եւ խիզախ երիտասարդը, «դողով եւ ապշութեամբ ըսաւ, Տէր, ի՞նչ կ'ուզես որ ընեմ»: Պօղոս ատկէ առաջ մեծ դիրք գրաւած էր քաղաքական եւ ընկերական շրջանակներուն մէջ իբր օրէնսգէտ եւ պերճախօս հասարակական գործիչ մը: Սակայն այդ բոլորը ըրած էր լոկ իր անձին համար: Հիմա իրեն համար շահ եղած բաները Քրիստոսի համար վնասակար կը նկատէ: Նախապէս իրեն համար ապրիլը Սօղոս էր, իսկ հիմա իր կեանքին կեդրոնը Քրիստոս է: «Ասկէ վերջ աշխարհ ինծի համար խաչը ելած է, ես ալ աշխարհին»:Ահաւասիկ իր յաջողութեան գաղտնիքը:

   Պօղոս անձնուրացութիւնը քարոզելէ առաջ, ապրեցաւ: Մարդիկ պիտի հետեւին միայն այն ատեն, երբ տեսնեն կեանքի մէջ, ոչ թէ երբ լսեն քարոզի միջոցաւ: Որովհետեւ, առաքեալը կ'ըսէ, բացարձակապէս կարելի է, մարդու մը համար, հրեշտակներու լեզուովը խօսիլ, ամէն տեսակ գիտութիւն ունենալ, եւ կարօտեալներուն առատօրէն օգնել, եւ միեւնոյն ատեն Քրիստոսի հոգին չունենալ: Այդպիսի մէկուն ըսածները ծնծղայի մը ազդեցութիւնը պիտի ունենան, եւ ըրածները օգուտ մը պիտի չընեն: «Եւ կեանքը մարդոց լոյսն էր, եւ լոյսը խաւարին մէջ կը լուսաւորէր, եւ մենք անոր փառքը տեսանք, շնորհքով եւ ճշմարտութիւնով լեցուն»: Այս օրերուն մէջ, մարդիկ ուշադրութիւն կ'ընծային միայն այն բաներուն, որոնք կեանքի հետ սերտ կապակցութիւն ունին: Երանի թէ եկեղեցիներ գնահատէին իրենց ոսկեղէն պատեհութիւնը, եւ փոխանակ ձեւակերպութիւններով եւ սովորութիւն դարձած դաւանանքներու յեղյեղումով գոհանալու, Պօղոսի որդեգրած պարզ Քրիստոսը քարոզէին: «Թէեւ Հրեաները նշան կ՚ուզեն, եւ Յոյները իմաստութիւն կը փնտռեն, մենք կը քարոզենք խաչեալ Քրիստոսը»:

  Հայ եկեղեցիին տրուած է մեր ժողովուրդը Քրիստոսի շահելու պատեհութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը: Եկեղեցին ասկէ աւելի մեծ հայրենասիրական եւ քրիստոնէական կոչում մը չունի: Ամէն ազգի, մանաւանդ Հայութեան համար քրիստոնէութիւնը անձնուրացութեան ճամբով ապագայի միակ յոյսն է: Աւետարանական եկեղեցին Ամերիկահայ իրականութեան մէջ ի՞նչ կ'ընէ այդ մասին: Մեր ժողովուրդը պէտք ունի առողջ քրիստոնէութեան, ոչ աւանդութեան, ոչ արտաքին ձեւերու եւ սին արարողութիւններու, այլ անձնուրացութեան հրամայականով ապրողներու, որոնք Աստուածաշունչը կը մարմնացնեն:
  Քաջ գիտնալով որ առանց վերստին ծնունդի քրիստոնէական կեանքը լիարժէք կերպով ապրիլը անկարելիութիւն է:

  Դուն, սիրելի հայորդի, Յիսուսի օրինակին հետեւելով անձնուրացութեամբ ապրիր:

© 2026 by Dikran Shanlian, Published in «Բարի Լուր» Տարի 34,  Թիւ 258

Rev. Dikran Shanlian is the senior pastor of Armenian Evangelical Brethren Church (Glendale, CA).
Posted in ,

No Comments


Recent

Archive

Categories

Tags