Գերեզմանէդ Դուրս Ելիր

 Աստուած միշտ ալ կը փափաքի մարդուն առատ, լեցուն եւ ուրախ կեանք մը պարգեւել: Բնականաբար ամէն մարդ կեանքի պէտք ունի, որակաւոր կեանքի, յաւիտենական կեանքի: Դուն յաւիտենական կեանքի պէտք ունիս:
  Մարդը հոգեւորապէս մեռած է եւ երբ մարմնապէս կը մեռնի, ան իր յաւիտենականութիւնը դժոխքի մէջ տանջուելով պիտի անցնէ: Ղազարոս երբ մեռաւ, Յիսուս 9-10 ժամ հեռաւորութեան վրայ էր: Ղազարոսի համար անհնարին էր Յիսուսի երթալ: Ինք մեռած էր: Հետեւաբար Յիսուս Ղազարոսի կու գայ, ու երբ անոր գերեզմանին կը մօտենայ կուլայ, որովհետեւ զինք շատ կը սիրէր:  Մեղքի պատճառով մարդը Յիսուսէն բաժնուած է: Ան հեռու է փրկութենէ, թագաւորութենէ եւ յաւիտենական կեանքէ: Մարդը իր միջոցներով, իր կարողութիւններով, չի կրնար Յիսուսի գալ ու փրկուիլ, որովհետեւ մեռած է: Առաքեալը Եփեսոսի եկեղեցիին գրեց, «Դուք որ յանցանքներու ու մեղքերու մէջ մեռած էիք...» Եփես. 2:1:
  Շատեր կը փորձեն իրենց բարեգործութիւնով երկինքի արժանի ըլլալ: Մարդը ինչ որ ընէ, ինչ որ փորձէ, չի կրնար իր ջանքերով Յիսուսի հասնիլ: Մարդը առաջնորդի պէտք ունի:
  Ժամանակին մարդ մը գիւղ մը կ'ուզէր երթալ: Ճամբան վտանգաւոր էր: Որոշապէս առաջնորդ մը կը փնտռէր: Ճամբուն վրայ անցորդի մը կը հանդիպի, որ կ'ըսէ թէ այդ գիւղին ծանօթ չէ: Երկրորդի մը կը հանդիպի: Ան կ'ըսէ թէ միայն որոշ տեղ մը կրնամ առաջնորդել: Վերջապէս երրորդի մը կը հանդիպի: Անշուշտ կը պատասխանէ, ես այդ գիւղէն եմ, հոն կը բնակիմ:
  Ոչ մէկը կրնայ մեզ երկինք առաջնորդել, բացի Յիսուս Քրիստոսէ: Ինքն է երկինքի այն բնակիչը, որ վերէն վար երկիր իջաւ, որպէսզի մեզի մեղքերու թողութիւն տայ եւ յաւիտենական կեանքի առաջնորդէ:
  Յիսուս Ինք կ'ընէ ճամբորդութիւնը: Յիսուս կ'ուզէր Ղազարոսը  յարուցանել, հրաշք մը կատարել Իր բարեկամին համար եւ կրկին սեղանակից ըլլալ, ուրախութիւնը բաժնեկցիլ ու միասնաբար զԱստուած գովաբանել:
  Այս է Յիսուսի նպատակը մեզի համար, որպէսզի օր մը երկինքի մէջ զԱստուած փառաւորենք:
  Յիսուս այսօր քեզի մօտենալով կ'ըսէ, «Գերեզմանէդ դուրս ելիր եւ կապանքներէդ արձակուիր»: Երբ Յիսուս Ղազարոսին կանչեց, Ղազարոս կրնար պատասխանել, «Զիս հանգիստ ձգէ, ես հոս լաւ եմ»:
  Անցեալին տարբեր տեղեր ճամբորդած ատենս, կողքիս նստողներուն հարցուցած եմ թէ փրկուա՞ծ են, պատասխանը ոչ եղած է: Երբ հարցուցած եմ թէ չէին փափաքիր Յիսուսը ընդունիլ, լուռ մնացած են: Թերեւս դուն ալ կ'ըսես, «Զիս հանգիստ ձգէ»: Բայց երբ Ղազարոս Յիսուսի ձայնը լսեց, գերեզմանէն դուրս եկաւ եւ խաւարէն լոյսի անցաւ: Ղազարոս յարութիւն առաւ: Տէրը քեզ կը կանչէ որպէսզի յարութիւն շնորհէ: Տէրը կ'ուզէ քու սիրտդ յոյսով լեցնել: Երբ Իր կոչին կը պատասխանես, անմիջապէս մեղքերու թողութիւն կը ստանաս եւ անունդ Կենաց գիրքին մէջ կ'արձանագրուի:
   Ղազարոսը երբ գերեզմանէն դուրս կ'ելլէ, տակաւին լման ազատ չէ: Ձեռքերն ու ոտքերը պատանքով կապուած են ու երեսը վարշամակով պատուած է: Աչքերը կը բանայ, լոյս մը կը տեսնէ, սակայն յստակ չէ, տակաւին կապուած է, չի կրնար քալել: Թերեւս դուն օր մը կեանքդ Յիսուսի նուիրեցիր, սակայն կապանքներ կան, լման ուրախութիւն չունիս, կը տառապիս ու կը սայթաքիս, կ'ուզես Աստուծոյ փառք բերել ու չես կրնար:
  Ղազարոս ինչպէ՞ս կրնայ ազատ ըլլալ, միայն երբ իր վրայ եղած կապանքներէն ձերբազատուի: Իսկ դուն ինչպէ՞ս կրնաս ազատ ըլլալ: Քանի մը կապեր ունիս.-

Ա. Մեղքը.- Աստուած չի կրնար օգնել եթէ դուն մեղքի մէջ կ'ապրիս: Եթէ մեղքի մէջ ես ու կ'աղօթես, Աստուած աղօթքդ չի լսեր, պատասխան չի տար քեզի: Երբ Սամարացի կինը Յիսուսէն Կենաց ջուր խնդրեց, Յիսուս ըսաւ «Նախ գնա, ամուսինդ բեր»: Այսինքն՝ նախ մեղքդ յայտնէ, որպէսզի ներում ստանաս, ապա Կենաց ջուրէն պիտի խմես: «Եթէ խոստովանինք մեղքերնիս, Անիկա հաւատարիմ ու արդար է մեր մեղքերուն թողութիւն տալու եւ մեզ բոլոր անիրաւութենէ սրբելու» (Ա. Յովհ. 1:9):

Բ.Աշխարհասիրութիւն.- Նիւթապաշտ աշխարհի մը մէջ կ'ապրինք որ մտահոգութիւններով եւ զբաղումներով լեցուն է:
Սերմնացանին առակին մէջ, այն սերմերը որոնք փուշերու մէջ ինկան, փուշերէն խեղթուեցան: Փուշերը կեանքի մտահոգութիւններն են, աշխարհասիրութիւնն է: Եթէ աշխարհ առաջնակարգ տեղ մը կը գրաւէ սրտիդ մէջ, մի' սպասէր որ Աստուած օրհնէ քեզ եւ ուրախ ու լեցուն կեանք մը պարգեւէ: Յիսուս երիտասարդ հարուստին ըսաւ,«Ունեցածդ ծախէ եւ ետեւէս եկուր»: Նախապատուութիւնը Աստուծոյ տրուելու է, մեր զաւակներէն, ընտանիքէն ու գործէն առաջ: Զգոյշ ըլլանք, թէ ի՞նչ է մեր պաշտամունքի առարկան:
Գ. Բախտագուշակութիւն.- Ահաւասիկ ուրիշ կապանք մը որ կ'արգիլէ հոգեւոր կեանքի մէջ յառաջանալու: Շատեր իրենց ապագային մասին գուշակներու կը դիմեն: Ամէն կողմ բախտագուշակներու ծանուցումներ կան:Ոմանք գաւաթի կը նային, բարձին տակ աղօթք մը կը կապեն, տան կամ խանութի մէջ «աչք»մը դրած են կամ պայտ մը կախած, որոնք թրքական ծագում ունին: Ասոնք սատանայի հետ կապուած բաներ են , եւ մենք նման բաներու հետ կապ ու գործ ունենալու չենք:

Դ. Աւանդութիւն.- Հրեաները աւանդապաշտ ժողովուրդ մը եղած են: Ճաշէն առաջ անպայման լուացուիլ, Շաբաթը երկու անգամ ծոմ պահել, ու իրենց աւանդութիւնը Աստուծոյ կամքէն առաջնակարգ է: Քու նախահայրերէդ ժառանգած կրնաս ըլլալ կարեւոր սովորութիւններ սակայն կենսականը քու սիրտդ է: Ինչպէ՞ս կ'աղօթես, ծունկի, աչքդ գոց, մոմ կը վառես,սակայն երբ սիրտդ Աստուծոյ հետ ուղիղ չէ, սին են այդ բոլոր աւանդութիւնները: Տանդ մէջ Յիսուսի եւ այլ մեռած սուրբերու պատկերներ ունիս, հոգեւոր գիրքերու հաւագածոյ եւ Աստուածաշունչ, բայց երբ գործնականապէս չես ապրիր պարապ են: Անոնցմէ ոչ մէկը  քեզ կը փրկէ, միայն Յիսուս:
  Տէրը սրտին կը նայի, փարիսեցիին եւ մաքսաւորին աղօթքները, Աստուած մաքսաւորին աղօթքը լսեց: Աւանդութիւնը երբ պինդ կը բռնես ու սիրտդ Աստուծոյ հետ ուղիղ չէ, աճումիդ արգելք կ'ըլլայ:

Ե. Տրամաբանութիւն.- Շատեր կ'ուզեն ամէն բան տրամաբանութեան վրայ հիմնել եւ ոչ հաւատքի: Միթէ Աստուած միշտ տրամաբանական բանե՞ր ըրած է: Երբ Յիսուս Պետրոսի ըսաւ որ նաւէն դուրս ելլէ եւ ջուրին վրայ քալէ, միթէ այդ տրամաբանակա՞ն էր: իսկ երբ հինգ հազարը կերակրեց, այդ տրամաբանակա՞ն էր: Երբ այդպէս կ'արտայայտուինք, Աստուծոյ զօրութիւնը կը սահմանափակենք, կ'ուզենք մեր ուզած կերպով տեսնել Իրեն:Աստուած անսահման է, Իր կերպերը մեր կերպերը չեն:Շատեր կը հարցնեն որ հաղորդութիւնը տրամաբանական է գինիով, խաղողի ջուրով, նարինջի ջուրով կամ պարզ ջուրով ունենալ: Տարիներ առաջ Աստուածաբանականի  մէջ Ափրիկէէն աշակերտներ կային, որոնք կ'ըսէին թէ իրենք նարինջի ջուրով հաղորդութիւն կ'առնեն:  Արդեօք անպայման գինի՞ պէտք է, կաթ  չըլլա՞ր: Աստուած սրտին կը նայի:

Զ. Անհաւատութիւն.- Աստուծոյ չհաւատացողներ չեն կրնար Իրմէ բան մը ստանալ: Աստուածաշունչին մէջ կը կարդանք մարդու մը մասին որ Յիսուսի մօտեցաւ եւ խնդրեց որպէսզի իր որդին բժշկէր: Յիսուս պատասխանեց, «Ամէն բան կարելի է անոր որ կը հաւատայ»: Այս մարդը Յիսուսի ոտքերուն իյնալով ըսաւ, «Ներէ իմ անհաւատութեանս»: Երբ դուն Տէրոջմէն բան մը կը խնդրես, կը հաւատա՞ս որ Տէրը կրնայ տալ քեզի: եթէ ոչ՝ խնդրէ որ Ան հաւատքդ աւելցնէ:
Է. Անցեալը.- Բազմաթիւ անձեր տակաւին անցեալի վէրքեր ունին, անիրաւութիւններ,սխալներ ու վնասներ: Անցեալը տակաւին թարմ է իրենց յիշողութեան մէջ: Վիրաւորուած կը զգան, ներելու դժուարութիւն ունին, մեղք մը գործած են եւ չեն կրնար մոռնալ, բուժուած չեն անցեալէն: Տէրը կ'ուզէ մեր անցեալը բժշկել:
 
  Յիսուս Ղազարոսը գերեզմանէն արձակեց: Յիսուս հոն եղողներուն ըսաւ, «Արձակեցէք, քակեցէք կապերը ու թողուցէք որ երթայ»:
  Չեմ գիտեր ինչ կապերով կապուած ես: Տէրը կրնայ քեզ քու կապերէդ արձակել: Կապերը Յիսուսի անունով կը կտրուին եւ դուն անցեալէդ ազատած կ'ըլլաս:
  Իսկ ան որ Ղազարոսի նման մեռած, կորսուած վիճակ մը ունի, այսօր Տէրը անոր կը կանչէ, «Դուրս ելիր գերեզմանէդ»: Տէրը քեզի կեանքի կը կանչէ, խաւարէն լոյսի, տրտմութենէ ուրախութեան, դժգոհութենէ յոյսի:
 
  Տէր Յիսուս կ'ուզէ քեզ արձակել, կեանքդ եւ ուղղութիւնդ փոխել, քեզ նոր ստեղծուած մը ընել: Ուրեմն, գերեզմանէդ ելիր:  

© 2025 by Dikran Shanlian, Published in «Բարի Լուր» Տարի 33,  Թիւ 256

Rev. Dikran Shanlian is the senior pastor of Armenian Evangelical Brethren Church (Glendale, CA).
Posted in

No Comments


Recent

Archive

Categories

Tags